2013-07-31 11:39:43

Յիսուսեան Միաբան` ֆրանչիսկոս Պապը, Միաբանութեան Հիմնադիր` Սուրբ Իգնատիոսի Տօնը Յիշատակեց Միաբան Եղբայրակիցներուն Հետ Միասին ։


Չորեքշաբթի 31 յուլիսին Յիսուսեան Միաբանութեան Հիմնադիր Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի Տօնին առթիւ Յիսուսեան Միաբան` ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի ''Յիսուսի'' անուան նուիրուած - Chiesa del Gesù - եկեղեցւոյ մէջ, Յիսուսեան Միաբանութեան անդամներու մասնակցութեամբ Սուրբ Պատարագ մատուցեց։

''Յիսուսի'' անուան նուիրուած Հռոմի այս եկեղեցին կառուցուած է նախկին եկեղեցւոյ մը փլատակներու վրայ միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Իգնատիոսի խնդրաքով, որուն շինարարութիւնը սակայն սկիզբ առաւ միայն անոր մահէն ետք։
Եկեղեցւոյ կից գտնուղ կառոյցի մէկ սենեակի մէջ է որ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլան ապրեցաւ 20 տարիներ ամբողջ եւ այնտեղ է որ շարադրեց Միաբանութեան սահմանադրութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայպետը Պրազիլէն վերադարձի թռիչքի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, խօսելով Յիսուսեան Միաբանութեան իր անադամակցութեան մասին ըսած էր ''Աստուածաբանական հարց մը կայ, Յիսուսեանները Սրբազան Քահանայապետին հնազանդութեան ուխտ կը կատարեն։ Բայց եթէ քահանայապետը Յիսուսեան է....հաւանաբար պէտք եմ հնազանդութեան ուխտ կատարել Միաբանութեան մեծաւորին։ Չեմ գիտեր ինչպէս լուծել այս հարցը։
Ես սրտիս մէջ Յիսուսեան եմ Յիսուսեան է նաեւ իմ հոգեւորականութիւնս։ Ասոր համար երեք օրէն Յիսուսեաններու հետ միասին պիտի տօնախմբեմ Սուրբ Իգնատիոսի տօնը։ ֆրանչիսկոս անունով հոգեւորականութիւս չի փոխեցի, ո՛չ։ Ինքզինքս Յիսուսեան կը զգամ եւ Յիսուսեանի նման կը մտածեմ։ ''








All the contents on this site are copyrighted ©.